Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Արցախի տրամադրուած օժանդակութիւնները, նախատեսուածէն պակաս են: Արդարեւ, 1988էն ի վեր Միացեալ Նահանգներ Արցախին տրամադրած են 36 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն, որ նախատեսուած 61էն 25 միլիոն տոլար պակաս է:
Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ տակաւին 1990ականներու աւարտին անյաջող [...]
Ամերիկահայ
Ա.Մ.Ն. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱԿՍԵՑՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
«ԱՐԵՒ»Ի ՆՈՐ ՁԱՅՆԱՊՆԱԿԸ՝ «ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ»
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, »Արեւ« Հայկական Ժողովրդական Երաժշտախումբը, լոյս ընծայած է իր նոր ձայնապնակը՝ »Վերադարձը«, որ կը պարունակէ դէպի հին ակունքներ երաժշտութիւն:…Վերադարձ դէպի հին ակունքներ:
»Արեւ« Հայկական Ժողովրդական Երաժշտախումբը հիմնուած է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ 1989ին: Խումբը կը նուագէ աւանդական Հայկական երաժշտութիւն, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի զուտ հայկական աւանդները, ինչպէս նաեւ աւանդական ժողովրդական երաժշտական գործիքներ:
Երաժշտախումբի [...]
ԴՈԿՏ. ԶԱՐԵՀ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ամերիկահայ դոկտ. Զարեհ Սողոմոնեան, մեծ հռչակ կը սփռէ ճարտարագիտութեան եւ մեքենագիտութեան բնագաւառէն ներս: Ան 1996ին ստացած է իր դոկտորական վկայականը Կալէսի Քարտիֆ քաղաքի Համալսարանէն, մասնագիտանալով ելեկտրական, ելեկտրոնիկ եւ համակարգային (Electrical, Electronics & Systems Engineering) ճարտարագիտութեան մէջ: Միեւնոյն համալսարանէն ներս, ան ձեռք ձգած էր իր ճարտարագիտական վկայականը բարձրագոյն յաջողութեամբ, 1991 թուականին:
Նաեւ, դոկտ. Սողոմոնեան արժանացած է բազմաթիւ [...]
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԵՒ ԱՄԷՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆՆԵՐ
Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի «Շիրակեան» Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, վերջերս այցելութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամէնայն Հայոց Առաջնորդարաններ, շնորհաւորելու համար վերընտրուած Առաջնորդներ՝ Սրբազան Օշական Արք. Չօլոյեանն ու Սրբազան Խաժակ Արք. Պարսամեանը: Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Անդրանիկ Գասպարեանէ եւ Հրայր Պարոնեանէ, որոնց կ’ընկերանային Նիւ Եորքի շրջանէն ներկայացուցիչներ:
Առաջին հանդիպումը, կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Ամէնայն Հայոց Եկեղեցւոյ Առաջնորդ [...]
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 92ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ
Օրուայ պատգամախօս՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան
Շաբաթ 12, 2010ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ առաջին անկախ Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 92ամեակի տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Տիթրոյթի Հ.Յ.Դ. »Ազատամարտ« կոմիտէութեան: Այս տօնակատարութեան առիթով, Մոնրէալէն հրաւիրուած էր ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան Արթիւր Աբգարեան եւ իր նուագախումբը: Իսկ օրուայ պատգամախօս՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան (Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական Կոմիտէի [...]
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ձախէն աջ՝ Տ. Խալիկեան, Ա. Պապեան, Ճ. ՄըքՔալփին եւ Հ. Թերիօ
Մայիս 15ին, Ուաշինկթընի մօտակայ Արլինկթըն Վըրճինիա շրջանի »Ճորճ Մէյսըն« Համալսարանի Հարցերու Քննարկման եւ Լուծման հիմնարկէն ներս(Institute for Conflict Analysis and Resolution), հետաքրքրական զրոյց կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ, որուն նիւթն էր յետցեղասպանութեան հատուցման խնդիրը:
Կլոր սեղանին մասնակցեցան, Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան եւ դաշնագրերու պատմութեան օրէնսդրութեան [...]
Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 52-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 52րդ ժողովը՝ Նիւ Եորքի մէջ, Մայիս 13էն 15ին« նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի երկու եկեղեցիներուն՝ Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ: Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին« Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները:
Նշենք թէ, [...]
ԱԹԼԱՆԹԱՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ
Աթլանթայի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ՝ Սիզըր Միչըլ (ձախին) եւ Սի. Թի. Մարթին (աջին) կը յանձնեն Ցեղասպանութեան ի յիշատակ գրութիւն մը Սարգիս ԱղասարգիսեանինՃորճիա նահանգի հայ համանքը յատուկ կերպով նշեց Ապրիլի 24-ը: Անգամ մը եւս, սոյն ձեռնարկը կազմակերպողներն էին Յարութիւն եւ Սարգիս Աղասարգիսեանները, որոնց ջանքերով է որ Ճորճիայի տեղական Ծերակոյտը, նահանգային եւ քաղաքապետական խորհուրդները պաշտօնապէս ճանչցած էին Հայոց [...]
ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ.- ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95ԱՄԵԱԿԻՆ
»Հայկական Ցեղասպանութիւնը 95 Տարիներ ԵտքՄեր Յիշողութեան Մէջ« խորագրով ցուցահանդէսի վերջնական պատրաստութիւնները արդէն աւարտելու վրայ են : Թէ պատմական եւ թէ արուեստի գետնի վրայ շատ յատկանշական այս ցուցահանդէսը , որ կը նշէ Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը, կազմակերպուած է Փրովիտէնսի գաղութին քաջածանօթ եւ յարգուած »Gallery Z«ի տէր եւ տնօրէն՝ Պերճ Զօպեանի [...]
ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԻ ՆՇՈՒՄ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ
Օրուան բանախօսը Սեդօ Պոյաճեան շրջապատուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Տիթրոյթի »Ազատամարտ, կոմիտէութիւնը, Փետրուարեան ապստամբութեան 89րդ եւ Սումկայիթի սպանդին 22րդ տարեդարձի առիթով կազմակերպեց երկօրեայ շահեկան դասախօսութիւն մը: Օրուան դասախօսն էր Լոս Անճելոսաբնակ եւ Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Կ.Կոմիտէի անդամ՝ իրաւաբան ընկ. Սեդօ Պոյաճեան: Շաբաթ, Փետրուար 27, 2010ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, »Ազատամարտ, կոմիտէութեան, եւ Հ.Ե.Դ.ի»Գոբեռնիկ Թանտրճեան, [...]

