Ամրան մի պարզ երեկոյ էր,
Աստղերն էին ծաւալւում,
Անուրջներն իմ շրջում էին,
Ու թափառում գիշերում…
Մի տենչայոյզ արթնացումով,
Մի բաղձալի բերկրանքով,
Երազից թէ՝ յուշից ծնուած,
Յայտնուեցիր հրաշքով…
Լոյս սերմանող արեւի պէս,
Ջերմացրեցիր ինձ կրկին,
Եւ չհանգչող աստղերի պէս,
Պարուրեցիր իմ հոգին…
Ներշնչանքով քեզ զգացի,
Եւ փարուեցի քո կրծքին,
Ու աչքերս ես փակեցի,
Հլու հոգուս տենչանքին …
Եռուն կրքով մոլեգին,
Գեղեցկութեամբ քո անմէկին,
Ինձ գամեցիր քո աչքերի,
Խելացնոր տարերքին…
Սպասումի լոյսն իմ վառուեց,
Եդեմաշունչ ցոլքերով,
Սիրտն իմ բացուեց [...]
Գրական
ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ՏԱՐԵՐՔ
ՀԱԼԷՊ Կ’ԵՐԹԱՄ
Դարձեալ, Հալէպ այցելութեան պիտի երթամ:
Որոշած եմ եւ նոյնիսկ ամիսէ մը ի վեր գրեթէ պատրաստուած՝ անհամբեր մեկնումիս թուականին կը սպասեմ:
Այս օրերուն կարծես մանուկի մը ուրախութիւնը կայ դէմքիս վրայ: Նոր բացուած արշալոյսի նման աշխարհը դարձեալ մէջս արթնցած է եւ տակաւին եթէ կ’ուզէք, երկչոտ յուզում մըն ալ բռնած է մարմինս ու սիրտս ալ վախկոտ աղաւնիի մը նման կը [...]
ԿԱՏԱԿՍ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նամակատան միջոցով բժիշկիս գրասենեակէն արեանս քննութեան արդիւնքը հազիւ ձեռքս անցած ու տակաւին հազիւ անոր էջերուն վրայ »աչք« մը նետած, արդէն մեր տան մէջ կարծես նոր յեղափոխութիւն մը ծագած էր: Ներքին դիրքերու, պաշտօններու յստակ յեղաշրջում մըն էր այս մէկը: Կը զգայի:
Գլխուս գալիքը յստակ էր, որովհետեւ »մերոնք«, տունով տեղով, արեանս քննութեան արդիւնքի այդ թիւերէն մեկնած, իրենք [...]
ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԻ ԱՐԺԷՔՈՎ ԳԻՐՔ ՄԸ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
2009ի աշնան Համազգայինի «Վահէ Սէթեանե տպարանէն լոյս տեսաւ թանկարժէք հատոր մը, զոր կարելի է որակել լայն իմաստով պատմութեան դասագիրք, հայկական յեղափոխական շարժումի սկզբնաւորման ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին տասնամեակներու գործունէութեան մասին մանր հանրագիտարան, ապա նաեւ յուշակոթող մը՝ մտքի ու զէնքի յեղափոխութիւն պատրաստած եւ ճամբայ հանած սերունդներուն, սկսելով ազգային կուսակցութեանց կազմութիւնը կանխող շրջանէն:
Տակաւին, յղացքն ու զարգացումը [...]
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԻՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐՈՎ ՈՒ ԽՈՀԵՐՈՎ».- Հեղինակ՝ ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կարդալով Ստեփան Փանոսեանի »Կեանք մը իր հանգրուաններով ու խոհերով« հատորը« ընթերցողը կը տարուի հետեւեալ մտածումով.- իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքը գիրք մըն է անկասկած. ոմանք կը գրուին« ուրիշներ կը մնան անհատներու եւ անոնց անմիջական ծանօթներուն-հարազատներուն յիշողութեան մէջ ու շուտով կը կորսուին: Այս կեանքը գրուող տեսակին կը պատկանի:
Հրատարակուած է 2009ին« Թորոնթօ: Կը բացուի հեղինակին կողմէ շնորհակալիքով [...]
ԱՐԳԻՇՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ.- Յիշողութեանս Մէջ
Արեւը ժպտաց, աշխարհը շարժուեց.
Հողն ախ քաշեց, նոր ծիլեր աճեց.
Սոխակն երգեց, Արգիշտին ծնուեց:
Երեսը լուսին, աչքերը ծով էր
Սիրտն էր բարի, խելքով մանուկ էր:
Երբ օրը եկաւ պատանի դարձաւ,
իր ծնողների պարծանքն եղաւ:
Հացի սեղանին թէ’ խնճոյքներում
Հոգով, յուզումով, արտասանում էր
“Մօր Ձեռքերը” Պարոյր Սևակի,
“Խօսքն Իմ Որդուն” Կապուտիկեանի:
Մայրենի լեզւի բիւրեղ հնչիւնից
Լսողի սրտում վարդեր էր բացւում,
Հոգին պարուրւում, թեւեր էր առնում:
Բայց . . . .
Կեանքի [...]
ՀԻՆ ԱՆՈՒՐՋՆԵՐ
Իմ հոգու խորքում
Անհուն ձգտումով,
Խելքամաղ անող քո սէրն եմ զգում,
Այրւում է հոգիս
Հմայքիդ հրում,
Դեռ քո աչքերի կարօտն եմ տենչում…
Մեր գտած, խլուած,
Անցեալի սիրով,
Սահում է քիչ- քիչ խնդումն իմ օրվա,
Առաջուայ նման
Սիրտս չի արբում,
Անհաղորդ տենդ կա՝ իմ հոգու վրա…
Աչքերս փակեմ,
Ձայնս համրանայ,
Լինեմ առանձին մութը ծանրանայ,
Եւ հետոյ միայն
Հետոյ հասկանամ,
Աշնան օրերի իմ անուրջները,
Փրփուր »ն կարծես՝
Ծովերի վրա…
Աւիկ Տէյիրմենճեան
Պոսթըն
ՏԻԹՐՈՅԹ.- ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶԻ
Վերջերս գաղութիս մէջ նախանձելի եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկը կարելի է նկատել տակաւ աճող սէրը հայ գրականութեան նկատմամբ ներկայութիւնը գրասէր հասարակութեան: Այս նախաձեռնութիւնը վերջին տարիներուն գաղութիս կեանքին մէջ ծնունդ առաւ շնորհիւ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային, եւ Պոլսահայ Մշակութային միութիւններու անընկճելի հետեւողական աշխատանքներուն, անոնք խորապէս կը հաւատան հայ մշակոյթի իւրայատուկ եւ վճռական դերակատարութեան գաղութիս ազգապահպանման առաքելութեան եւ [...]
ՍԻՐՈՅ ՀՐՈՎ…
Երբ քո յուշերով աչքերս բացի,
Նորից իմ հոգին
Լցուեց յոյզերով…
Անթեւ երազներ,
Գինովցած յուշեր,
Նիրհող հնչիւններ,
Կոցրած յոյսի,
Խենթացած զարկեր
Բաբախուն սրտի,
Ալեկոծուեցին ուժով անյայտի…
Կարօտից հարբած, խռով յուսահատ,
Երազն իմ հալուեց
Անկման պտոյտում,
Իրիկնամուտի
Լոյսի մէջ պղտոր,
Անկարեկցորէն
Մոխրացաւ մթում…
Աշնան օրերի,
Մխացող թախիծ, մարող ժպիտներ,
Յուշեր կորստեան,
Անվերջ սպասման
Ցաւի մէջ, անել տեսիլքի նման,
Դարձան մշուշ ունայնութեան…
Փնտռում ես քեզ տենչով անանուն,
Արբեցման անգին, բոյրերով անհուն,
Ծածուկ մի սիրով` քեզ եմ անրջում,
Իմ լուռ խոհերիս
Տափաստաններում…
Ես արդէն ճերմակ սակաւ մազերով,
Իսկ [...]
ԽԱՉՈՒՀԻՆԵՐԸ.- Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ…
Անապատի տարածքին,
ուր կը տիրէ միայն
լռութիւնն անծայրածիր,
խզուած լոկ ոռնացող քամիէն,
որ կը հալածէ աւազները
ժամանակին, ու կը կանգնէ օդատեսիլ
տաճարները յաւիտենականին`
որոնց բարձրադիր դռները`
այժմ լայնօրէ՛ն բաց,
կ՛ընդունին մնացորդացը
մարդկայնութեան…
Անապատի տարածքին,
ուր արեգակը կը սպառէ հոգին
ամէ՛ն ինչի, որ կը շնչէ կամօքն
կեանքի եւ Աստուծոյ,
կը քալեն կմախքներն անոնց,
որոնք երէկ տակաւին էին
մարդ, կին ու մանուկ, հայր,
մայր, քոյր ու որդի`
այժմ անծայրածիր սեղան
մարդկային յօշոտուած միսի —
դժոխային խնճոյք մը անգղերու,
շնագայլի [...]

