Գիւմրիի ռուսական զինուորական խարիսխին վերաբերեալ համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը մինչեւ 2044 թուական երկարաձգելու մասին արձանագրութիւնները, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տմիթրի Մէտվետեւի միջեւ, գործի լծած է դէտեր, քաղաքական վերլուծումներ կատարող հիմնարկներ, մասնագէտներ, քաղաքագէտներ եւ նոյնիսկ պարզ քաղաքացիներ:
Տարբեր կարծիք, տարբեր մտածելակերպ, տարբեր դիտանկիւններ ու հորիզոններ կ’արծարծուին թէ’ ազգային եւ թէ’ միջազգային բնագաւառներէ ներս:
Ցարական Ռուսաստանի օրերուն [...]
Խմբագրական
Ո’Չ ԱՊԱԶԻՆՄԱՆ… ՀԱՉՍ ԱՊԱՒԻՆՄԱՆ
ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՎԵՀԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհի զանազան գաղթօճախներէն ժամանած, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին սիրտն ու ուղեղը կազմող սկաուտական շարժումին ժամադրավայրն է հայրենի հողը՝ Բիւրականի բանակավայրը:
Միշտ պատրա’ստ, արի’ եւ վեհանձն, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրները անգամ մը եւս ժամանած են հարիւրներով, աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ ծառայելու հայրենիքին:
Ոչ թէ միայն իրենց պատկանած միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, այլ նաեւ համասփիւռ հայութիւնն ու հայրենիքն ունի ակնկալութիւններ՝ [...]
ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ԵՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿՈՎ…
Լա Հէյի Միջազգային Դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան հռչակման շուրջ տուած որոշումը դուռ բացաւ բազմաթիւ յայտարարութիւններու, վերլուծումներու, մամլոյ ասուլիսներու եւ պաշտօնական հաղորդագրութիւններու:
Փոքր հողատարածքի մը շուրջ անհամաձայնութիւն, բուռն վիճաբանութիւն, ուժի գործածութիւն եւ վերջապէս Միջազգային Դատարան: Աւելին, կատարուած բաղդատութիւններն ալ նոյնանման փոքր հողատարածքներ, որոնք միեւնոյն կացութիւնը ստեղծած են ռազմաքաղաքական բնագաւառէն ներս: Այս յար եւ նման կացութիւններէն մէկն է Արցախը:
Որքանո՞վ [...]
Քլինթընի ՀՀ Այցելութեան Առթիւ.- ԽՈՍՏՄՆԱԴՐՈՒԺ ԵՒ ԱՆՏԱՐԲԵՐ…
Կարելի չէ նոյնիսկ քլիշէ դարձած.- «Ոսկի առիթ մը փախցնել»ով բաւարարուիլ:
Պատահածը շատ աւելի ընդվզեցուցիչ, անբացատրելի, նոյնիսկ անմարդկային կարելի է նկատել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, ոչ թէ միայն փորձեց կարելի եղածին չափ լուսանցքի տակ առնել իր կատարած այցելութիւնը «Ծիծեռնակաբերդ»ի յուշահամալիր, այլ նաեւ պահել խորհրդապահական ու գաղտնի, լրատուական գործակալութիւններէն, այն տպաւորութիւնը ձգելով թէ Տավոսեան կամ Քէմփ [...]
ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՈՒԺԸ
Ճղճիմ հա՞րց, անբացատրելի իրավիճա՞կ թէ անընդունելի Անպատասխանատուութիւն…
Արդարեւ, վերջերս Գանատայի մէջ կատարուած «Ութերու խմբակ»ի կամ աւելի ծանօթ «G8»ի ժողովին, Արցախի առնչութեամբ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները, յայտարարութիւն մը լոյս ընծայած էին, որ իր թարգմանութիւններու տարբերութեամբ կամ աւելի ճիշդը տարբեր թարգմանութեամբ, շատ աւելի խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէր եւ լուրջ հարցադրումներու դուռ [...]
ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՏԵՍԻԼՔ ԵՒ ԲԵՐԿՐԱՆՔ
Գրեթէ քսան տարիէ ի վեր, ոչ ամբողջական, սակայն տը ֆաքթօ գոյութիւն ունի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը: Փոխարէն սակայն ժողովրդավար եւ յատկապէս ընկերվար Հայաստանի մը տեսլականը, ցայսօր կը մնայ տը ժիւրէ իրավիճակի մէջ, ուր դեռ բաւական աշխատանք կայ կատարելիք եւ իրագործելիք…գէթ նմանօրինակ միջավայր մը ստեղծելու բերկրանքով եւ սլացքով: Հետեւաբար, որեւէ երկիր, որ կը ձգտի [...]
ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂՆ ՈՒ … ՆԱՒԱՊԵՏԸ
Միջազգային լուրերուն մէջ առիւծի բաժին խլած է, դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն՝ «Ազատութեան Նաւատորմիղ»ին վրայ Իսրայէլեան ծովուժի մասնայատուկ ուժերու կատարած յարձակումը, որ խլեց վիրաւորներ եւ նոյնիսկ զոհեր:
Յարձակումը տեղի ունեցած էր պաշարուած Կազայի ծովեզերքէն աւելի քան ութսուն մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ միջազգային ջուրերուն մէջ: Իսկ նաւատորմիղին առաքելութիւնը կազմակերպուած էր Միջազգային միասնութիւն շարժումին, ինչպէս նաեւ թրքական խմբաւորումի [...]
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԸՆՏՐԱՆՔ ԵՒ … ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մայիսեան պողպատեայ ընտրանքին պտուղն էր Շուշիին ազատագրումը:
…Մայիսեան ընտրանքին արդիւնքն էին նաեւ Մայիս 23-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Այդ ազատագրութեան խորհրդանիշ-թուականէն 18 տարի ետք, այս անգամ Մայիսեան վրէժխնդրութեան եւ արդարութեան բռունցք արտայայտող ընտրանքին հետ, զուգահեռ ընթացան Մայիսեան ընտրութիւնները… խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք ահաւասիկ արժանացան տարբեր երկիրներէ ժամանած անկախ դէտերու դրական գնահատականներուն՝ իրենց արդար օրէնսդրութեամբ, թափանցիկութեամբ, ամբողջականութեամբ, արդար մրցակցութեամբ, միջազգային չափանիշներու [...]
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀՐԱԺԱՐՈ՞ՒՄ ԹԷ …ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԿԱՍԵՑՈՒՄ
Ծայրայեղ վերլուծումներ, զգացական մօտեցումներ, անտեղի մտահոգութիւններ… Այս, աւելի քան մէկ տարուան ոտնագնդակի քաղաքականութիւնը՝ ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը, բաւական մելան հոսեցուց եւ էջեր մրոտեց: Կիսախա՞ղ, ընդմիջո՞ւմ թէ աւարտ…դեռ շատ բան պիտի գրուի, լսուի եւ խօսուի այս «մրցում»ին մասին:
Հոս, տեղին է մատնանշել թէ Հայաստան Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը չէ ջնջուած, աւարտած եւ վերջնականապէս մէկդի դրուած: Այլ, վերստին մէջբերելով [...]
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԴԷՊԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏԷՍ
Հայոց Ցեղասպանութեան արժանավայել 95-ամեակի ոգեկոչումներ…որոնց արձագանգը տարբեր արձանագրութիւններու դուռ բացաւ:
Հայորդիի աննկուն, անխորտակ եւ պայծառամիտ ոգին անգամ մը եւս արձագանգեց, յիշատակելի էջ մը աւելցնելով եւ արձանագրելով… Հայոց Պատմութեան լայնածաւալ ու հաստափոր էջերուն վրայ:
Արձանագրութիւն մը…որ տարբեր բնոյթ, իմաստ եւ բացատրութիւն ունէր, համեմատած Ցիւրիխի Հոկտեմբեր 10, 2009ի փրոթոքոլային արձանագրութեան:
Արձանագրութիւն մը…հեռու քաղաքական բարդ ու նենգամիտ հաշիւներէ:
Արձանագրութիւն մը…լուսաւոր, ջինջ եւ [...]

