Հայրենի Աշխարհ

ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵԴՐՈՆԷՆ…

Լու­սան­կար­ներ՝ Ին­նա Մխի­թար­եա­նի - «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Երե­ւա­նի Ար­դի փոր­ձա­ռա­կան կեդ­րո­նէն (ՆՓԱԿ.- Նո­րա­րար Փոր­ձա­ռա­կան Ար­ուես­տի Կեդ­րոն) ներս տար­բեր տե­սա­կի ցու­ցա­հան­դէս­ներ կը կազ­մա­կերպ­ուին:

«Մար­դիկ սի­րում են գոյ­ներ, գե­ղեց­կու­թիւն, մա­նուկ­նե­րին:..Մենք դիտ­մամբ ենք ման­կա­կան քա­ղա­քը կա­ռու­ցել», կը յայտ­նէ Լու­սի­նէ Խան­տիկ­եան (նկար 1), որ «Ման­կա­կան Քա­ղաք» յայ­տագ­րին հե­ղի­նակն է:

Այս առ­թիւ, նա­եւ ցու­ցադր­ուե­ցան հայ­կա­կան աւան­դա­կան խա­ղեր, ար­դի գա­ղա­փար­նե­րով եւ ոճով:

Ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը կ°ընդգր­կէր նա­եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, լսա­տե­սո­ղա­կան [...]

ԵՐԵՒԱՆ – ՊԱԹՈՒՄ ԳՆԱՑՔԸ

Լու­սան­կար­ներ՝ Ին­նա Մխի­թար­եա­նի
  
Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եա­նի եւ վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ

Հա­րաւ-Կով­կաս­եան եր­կա­թու­ղա­յին ըն­կե­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, պաշ­տօ­նա­պէս կա­տար­ուե­ցաւ Երե­ւան-Պա­թում գնաց­քին բա­ցու­մը: Կա­տար­ուե­ցաւ նա­եւ շար­ժա­կազ­մի օրհ­նու­թիւն, ներ­կա­յու­թեամբ տէր հօր:

Նո­րոգ­ուած նստա­րան­ներ եւ ար­դի սպա­սար­կու­թիւն, բաժն­ուած զա­նա­զան դա­սա­կար­գե­րու եւ գի­նե­րու…

Կը սպաս­ուի այս գնաց­քը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծէ, նա­եւ ապա­հո­վէ վե­րո­յիշ­եալ ըն­կե­րու­թիւնը, որ­պէս­զի ապա­գա­յին այլ ծրա­գիր­ներ մշա­կէ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՆԴ ԹԱՂԱՄԱՍԸ

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

Երեւանի կեդրոնէն ներս գտնուող Կոնդ թաղամասը, ոչ միայն քաղաքի ամենահին, այլեւ հայաբնակ թաղամասերէն մէկն է: Դարեր առաջ Երեւան-Էրեբունի կազմուած է երեք մասերէ՝ Կոնդ, Բուն քաղաք և Քարահանք: Երեւանի տնտեսութեան առիւծի բաժինը կը գտնուէր Կոնդէն ներս:

Այս շրջանը եղած է քաղաքի ամենակենսունակ հատ-ուածը եւ անցնելով դարերու ընդմէջէն, այժմ կը նկատուի թանգարանի բնոյթ ունեցող թաղամաս: [...]

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՄԵԶ ՏԱՐԱՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՕՃԱԽ

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆՏԱՂԼԵԱՆ
Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ:
Ախր ուրիշ տեղ հայրէններ չկան,
Ախր ուրիշ տեղ հորովել չկայ….

Համօ Սահեան
Վերջին տարիներուն, քրիստոնէական տօները առաւել մեծ շուքով կը նշուին Հայաստանի մէջ: Նախապէս չյիշուող Ծաղկազարդը շատ տարածուած տօն է այսօր: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ծաղկազարդը  հռչակած է, իբրեւ երեխաներու օրհնութեան օր եւ այդ առիթով, Հայաստանի [...]

ԿԱՐՈՒԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Իննա Մխիթարեանի ոսպնեակի ետին

Ֆրանսախօսներու նուիրուած համերգը, Մարտ 22, 2009-ին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց  Երեւանի մէջ:

Արդարեւ, «Կարէն Տէմիրճեան» անուան սրահին մէջ, քանատացի (ֆրանսախօս Քէպէք շրջանէն) երգիչ՝ Կարու հմայեց ներկաները, որոնց սուղ գումարներ տրամադրելով, տիրացած էին տոմսերու:

Հակառակ տնտեսական դաժան իրավիճակին, համալիրը գրեթէ լեցուն էր:

Երգերէն աւելի, անոր հրամցուցած երաժշտութիւնն է, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց եւ ստիպուեցաւ երկար ժամանակ մնակ [...]

ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ

Իննա Մխիթարեանի ոսպնեակի ետին

Հայաստանի մէջ, նուազած է ընթերցողներուն թիւը: Պատճառները շատ են:

Վերջին 15 տարիներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ 275 գրադարաններ փակուած են, իսկ մնացեալ գրադարաններուն իննիսուն առ հարիւրն ալ չէ ստացած նոր տպագրութիւն:

Փոխարէն Իսահակեան գրադարանը, տարեկան 400-600 գիրք կը ստանայ,

որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը պատկանի հայ հեղինակներու: