Ռուսաստանի եւ Վրաստանի միջեւ պատերազմի երկրորդ տարելիցն ընդգծում է ծովամիջեան այս տարածաշրջանում աշխարհաքաղաքական չզուլալուած ստորջրեայ հոսանքները: Պատմական հանգամանքների բերումով ցամաքափակ լինելով Կասպիական, Սեւ եւ Միջերկրական ծովերից, Հայաստանի առանցքային դիրքը մնում է ռազմավարական անկարգութեան մէջ յայտնուած նրա հարեւանութեան շուրջկալում:
Հայաստանի հետ արդէն իսկ ակնյայտօրէն անազնիւ յարաբերուող Թուրքիայից բխող ներյատուկ վտանգը, պատերազմի սպառնալիքի լեզուից դէպի Յունիսեան մահաբեր յարձակման [...]
Կիզակէտ
ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ.- ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՈՒԺ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՍԵՒՐԻ ՄԷՋ…ՕԳՈՍՏՈՍ 10, 1920ԻՆ
»Ստալին մեր հայրն է«…Մեզմէ շատեր պիտի յիշեն այս երգը: Մասնաւորաբար պիտի յիշեն թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ մանուկներ վարժեցնելու համար Ստալինի հայրութեան, կը կազմակերպէին հանդէսներ, ուր ամէն անգամ անոնց կը թելադրէին աղօթել եւ Աստուծմէ խնդրել շաքարեղէն, բայց կը մնային անպատասխան, իսկ եթէ յանկարծ անոնք բարձրաձայն խնդրէին Ստալին Պապէն, յանկարծ շաքարի լաւագոյն տեսակները կը տեղային անոնց վրայ:
Այս [...]
ՆՇՄԱՐ.- ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱՃՈՒՐԴԻ ՉԻ ԴՐՒՈՒՄ
Այն, որ Միացեալ Ազգերի Կազմակերպութեան բարձրագոյն դատական ատեանը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Յուլիս 22, 2010ին յայտարարեց, որ »Քոսովոյի անկախութեան միակողմանի հռչակումը չի ոտնահարում միջազգային իրաւունքը«, միանգամայն օրինաչափ է: Նախ օրինաչափ է, քանի որ սեփական քաղաքական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը ինքնորոշման տեսքով, որպէս տուեալ կազմակերպութեան հիմնական նպատակներից մէկը ներառուած է Մ.Ա.Կ.ի Կանոնադրութեան մէջ [յօդուած 1(2)]: Յետոյ, օրինաչափ է, [...]
«ԱՀԱՒՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ԱՅՆՏԵՂ…» ՕՐ ՑԵՐԵԿՈՎ
Մեր մամուլի ներքին մէկ էջին վրայ ծուարած էր լուր մը« որ մեր յիշողութեան մէջ արթնցուց Վահան Թէքէեանի ծանօթ բանաստեղծութիւնը. »Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…» Կը սպաննեն ազգ մը այնտեղ« որ կեանք ունէր ու շնորհ…«: Ահաւոր կսկիծէ մը ժայթքած ճիչին շարժառիթը՝ հայութեան դէմ թուրքին ջարդերն էին: Բանաստեղծութիւնը գրուած է 1916ին: Պատմութիւնը ծանօթ է:
Լուրը. [...]
ՍԼԱՔ.- ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷ’Ք ԾԻԾԱՂԵԼԻ ԸԼԼԱԼ, ԲԱՅՑ ՈՉ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՒՈՅՆ
Տասնամեակներէ ի վեր, Թուրքիա աշխարհին ծանօթ դարձած է ինքզինք ծիծաղելի դարձնող անհաւասարակշիռ արարքներով ու հակազդեցութիւններով:
Ամէն անգամ, որ պետութիւն մը կամ միաւոր մը Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը կը հաստատէ եւ արդարութեան ի նպաստ կը քուէարկէ, Թուրքիա կը դիմէ մանկական հին խաղին. դեսպանը տուն կը կանչուի, սպառնալիքներ կը տեղան դաշնակիցի ու բարեկամի գլխուն, իսկ վերջիններն ալ, մանկամտութիւն [...]
ՍԼԱՔ.- ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ ՄՆԱԼԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ
Թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումէն ետք, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Աբրահամեան նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանի նախագահ Նէնսի Փըլոսիի, շնորհակալութիւն յայտնելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն առնուած այս քայլին համար, յոյս յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու տունն ալ շուտով կþորդեգրէ նոյնիմաստ բանաձեւ մը:
Շնորհակալութեան արտայայտութիւնը տեղին է, անկասկած: Սակայն… (այս եսակայն,ը միշտ գլուխ կը բարձրացնէ):
Քանի մը [...]
ԱԿՆԱՐԿ.- ԹԻՒ 252-ՈՎ ՇԱՀՈՒԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ԱՐՁԱԿՈՒՈՂ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հինգշաբթի Մարտ 4-ի կէսօրին որդեգրուած թիւ 252 բանաձեւը մեր արդար ու անսակարկելի իրաւուքներուն հետապնդման ճամբուն վրայ շահուած նորագոյն յաղթանակը եղաւ անկասկած« բազմաթիւ գիծերու վրայ արձակելով այլազան պատգամներ:
Դժուարին երկունքէ մը ծնած եւ միայն մէկ քուէի առաւելութեամբ որդեգրուած բանաձեւը անգամ մը եւս հաստատեց« որ Թուրքիոյ յերիւրանքները պարտութեան [...]
ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայո¯ց լեզու, որքա¯ն կը սիրեմ քեզ: Ո°չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ՝ աւելի° զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ’ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը, քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու [...]
Հ.Օ.Մ.-Ի ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԷՆ…ՊԷԼՖՈՆԹԷՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ «ՀԱՅ ՍԻՐՏ»-Ի ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԸՆԿՀ. ՀԵԼԷՆ ՄԵՐՃԱՆԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ
2005-ը Ֆրանսահայութեան ոգեկան հարստութիւններու կռուաններ ստեղծող յոբելինական տարի է: Կռուաններ« որոնք երէկ ձեռներէցութեան առաջին խիզախ փորձերը կը համարուէին եւ որոնք այսօր յամառօրէն կը կառչին գոյատեւման իրենց կամքին« հետզհետէ դիմագիծ փոխող մեր հայ իրականութեան մէջ:
Առաջինը՝ «Յառաջ»ը« տեսլապաշտ հանճարին« մեծն Շաւարշի մտքին« հոգիին արգասիքը՝ ֆրանսահայութեան առաջին դպրոցը եղաւ անգրագէտին թէ° գրոց-բրոցին« ուծացումէ թէ այլասերումէ զերծ պահելու համար [...]
ՆՇՄԱՐ.- ՀԻՄԱ ՋԱՐԴՈՒԵԼՈՒ ԿԱՐԳԸ ԱՖՂԱՆՆԵՐՈՒՆՆ Է
Աֆղանիստանի մէջ« ընդդիմադիրներ ու ահաբեկիչներ հետապնդելու նպատակով« ՆԱԹՕի դաշնակից ուժերը տարեսկիզբին կանաչ լոյս ստացան սաստկացնելու »Թալեպան«ներուն դէմ ռազմական գործողութիւնները: Փետրուարի կէսերուն« գործադրութեան դրուեցաւ »Մուշթարաք« անունով գործողութիւն մը« որուն առաջին թիրախն է հարաւային Հելմանտ նահանգի Մարժահ շրջանը: Այս գործողութիւնը« ինչպէս հռչակուեցաւ« նախամուտն է Քանտահարի դէմ գլխաւոր գործողութեան: Քանտահարը կը հանդիսանայ »Թալեպան«ներու գլխաւոր խարիսխը:
Աֆղանիստանի մէջ պատերազմական [...]

