Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան թէ այլ համաշխարհային եւ ոչկառավարական զանազան ժողովհանդիպումներու ընթացքին, թէ° թուրք եւ թէ° ազերի քաղաքագէտներ ժրաջան աշխատանք տարած էին կրօնական բնագաւառէն ներս, եւ բազմիցս թէ° Ցեղասպանութեան եւ թէ° Արցախի առնչութեամբ, մօտեցած էին իսլամ պետութիւններուն եւ դիւրութեամբ համոզած ու մէկ խօսքով «գրպանած» իրենց կեցուածքներն ու յատկապէս քուէները:
Ճիշդ չէ, հարցին ամբողջութեամբ կրօնական բնոյթ տալ, մանաւանդ [...]
Այլազան
ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՀԵՌՈՒ՝ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս Ամէնօրեայ Վարժարանէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան դաստիարակութեան յատուկ ծրագիր մը պատրաստուած է, նկատի ունենալով որ դժուար է մանուկներուն ներկայացնել նման դժուար նիւթ մը:
Ի՞նչպէս կարելի է պատմել այն մութ ու վախազդու դէպքերը մանուկներուն. Ինչպէ՞ս կարելի է հայոց պատմութեան այդ հանգրուանին մասին խօսիլ առանց սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւններ տալու: Ինչպէ՞ս կարելի է հասկցնել թէ իրենց նախորդները [...]
ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ 65ԱՄԵԱԿ
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Մեծ հայրենական պատերազմի 65րդ յաղթանակը կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրման 18ամեակին: Այս առթիւ, կատարուեցան տօնակատարութիւններ: Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ վեթերան մարտիկներու մեծարման արարողութիւն եւ զինուորներու շքերթ:
Նոր սերունդն ալ ներկայ էր այս տօնակատարութիւններուն: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մասնակցեցաւ աւելի քան վեց հարիւր հազար հայ« որոնց կարգին նաեւ Սփիւռքէն հայրենակիցներ: Անոնցմէ շատերը փառաւոր ուղի անցան [...]
ԿԱՐԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ
Վանկարտ (Օքալա, Ֆլորիտա) երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի փայլուն աշակերտներէն՝ Կարէն Մանուկեան (18 տարեկան), վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ շրջանի »Պիկ Սփրինկզ« մրցանքին եւ առաջին հանդիսանալով, հասաւ յաջորդ հանգրուանին, որ Սան Խօսէի (Քալիֆորնիա) մէջ կատարուելիք ուսողութեան եւ ճարտարագիտութեան միջազգային՝ մրցանքն է:
Ֆլորիտա նահանգը ներկայացնելով, Կարէն Մանուկեան յայտնեց թէ ծրագիրը, որուն վրայ երկու տարիներ շարունակ աշխատած է, կը ներփակէ [...]
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒՀԻ ՀՈՒՐԻ ԿԷՊԷՇԵԱՆԻ ՍԽՐԱՆՔԸ
Նիւթըն Նորթ (Մասաչուսէց) դպրոցի շրջանաւարտ, եւ Այուա Համալսարանի աշակերտ Հուրի Կէպէշեան, ամէնայն ճկունութեամբ եւ կատարեալ շարժումներով իր խումբը դէպի յաղթանակ առաջնորդեց, մարմնամարզանքի »Պիկ Թէն« մրցաշարքի աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ամիս, Օհայօ նահանգին մէջ: Կէպէշեան, Այուայի Համալսարանէն երկրորդ մարզիկն էր, որ տիրացաւ տիտղոսին:
Ճնշումի դժուար պայմաններու տակ, Հուրի պայքարեցաւ եւ յաղթական դուրս եկաւ: Արդարեւ, [...]
ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՏԷ~Ր, ԿԵՑՈ’ ԴՈՒ ԶՀԱՅՍ
Դարաւոր հայ ազգի մեծութեան ու անոր պահպանման համար գրուած այս բառերը, առ Աստուած բարձրացուած խնդրանք մըն է, որ առաւել կեանք պարգեւէ այս ազգին, ապրեցնէ այս ազգը, յաւիտենականացնէ այս ազգը:
Իսկապէս որ պատիւը ունինք նման ազգի մը որդիները ըլլալու եւ վայելելու բոլոր արժանիքները, որոնց վկաներն ու ժառանգորդներն ենք այսօր:
Պատկանելիութեան եւ ուրոյն նկարագիր ունենալու գոյամարտը, միշտ ալ մնայուն [...]
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ…ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ
Անցեալ շաբաթավերջին, Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին առթիւ, բազմաթիւ ձեռնարկներ կատարուեցան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի զանազան գաղթօճախներէ ներս: Կեդրոնական ձեռնարկներէն մէկը, սովորութիւն դարձած բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուէր»ի մօտ, Կիրակի Ապրիլ 25, 2010ին:
Աւելի քան երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս ձեռնարկին, խօսք առին ձեռնարկը կազմակերպող միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդկանց իրաւունքներու համար պայքար մղող ոչկառավարական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ: Քըրթիս [...]
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԱՐԱՐԱՏ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀՈՒԻ NEAR EAST FOUNDATION ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
Նիր Իսթ Ֆաունտէյշընի նախագահ Շանթ Մարտիրոսեան «Արարատ» մրցանակը կը ստանայ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի ՄարաշլեանէնՉորեքշաբթի« Մարտ 10, 2010ին« Նիւ Եորքի մէջ կայացած Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի տօնակատարման յայտագրին մաս կը կազմէր Հայ Օգնութեան Միութեան »Արարատ« մրցանակի յանձնումը Նիր Իսթ Ֆաունտէյշըն (նախապէս՝ Նիր Իսթ Րըլիֆ) ամերիկեան մարդասիրական հիմնարկին՝ որ 95 տարիներ առաջ կը հիմնուէր« ի տես Մերձաւոր [...]
ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻ՞Ր…ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻ՞ՒՆ
Զարմանալի ճակատագիր եւ …անշուշտ զուգադիպութիւն: Ըստ երեւոյթին, «ֆութպոլային քաղաքականութիւն»ն ու անոր յաջորդող անցուդարձերը, այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած են, որ նոյնիսկ Եւրոպայի ոտնագնդակի համադաշնակցութիւնը, յատուկ միջոցառումներու դիմէ, կանխելու համար քաղաքական զգայնութիւններ:
Այսպէս սոյն համադաշնակցութիւնը՝ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ն, քաղաքական նկատառումներով բացառած էր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի՝ նոյն խմբակին մէջ ընդգրկուիլը: Սակայն առաջին վիճակաձգութիւններէն [...]
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
«Հայրենիք»ի անձնակազմը ցաւակցութիւն կը յայտնէ, հաստատութեան գործակից Լոս Անճելըսի «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէն Ռիթա Սապունճեան-Տեմիրճեանի հարազատներուն՝ անոր վաղաժամ մահուան առիթով:

