Կողքի նկարը վստահաբար Փարիզի կամ Միլանոյի նորաձեւութեան ընկերութիւններու գրասեղաններուն վրայ, քննութեան առարկայ կը դառնայ: Մասնագէտներ եւ նորաձեւութեան կերտիչներ հաւանաբար խոշորացոյցով կը փորձեն այս պատմութիւն կերտած հնամաշ կօշիկի մէկ օրինակին հիմնուած…ապագայ նորաձեւութիւններ, նորանոր »մոտել«ներ կերտել:
Իսկ, ոչ միայն մարզասէրներ, այլ ընդհանրապէս աշխարհի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կիզակէտը, այս օրերուն ուղղուած է Աշխարհի Հարաւային կիսագունդ՝ Հարաւային Ափրիկէ, ուր կը [...]
Արուեստ Եւ Մշակոյթ
ՀՆԱՄԱՇ ԿՕՇԻԿԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ…
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՅԱՋՈՂ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ ՄԷՋ
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան կը ներկայացնէ…«Ճորճթաուն Պոյզ» թատրերգութիւնը
Կիրակի, Ապրիլ 11, 2010 յետմիջօրէին, Քրէնսթընի »Սքոթիշ Ռայթ« կեդրոնի թատերասրահին մէջ, Նիւ Ճըրզիի երիտասարդական թատերախումբը բեմադրեց »Ճորճթաուն Պոյզ« թատրերգութիւնը, բեմադրութեամբ՝ հեղինակ , դերակատար եւ ղեկավար Տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի: Գաղութիս բարերարներէն‘ Օր. Մարթա Արամեան կը հովանաւորէր սոյն ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Համազգայինի եւ Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան կողմէ:
Օրուայ հանդիսավար՝ Համազգայինի [...]
ԱՐԱ ՄԱԼԻՔԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ «ՓԱԿԱԿՆԻՆԻ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Արուեստի սիրահարին համար, կամ աւելի ճիշդը իւրայատուկ դիտանկիւնէ դիտուած արուեստի »խենթ«երուն համար իւրայատուկ է, 2007էն ի վեր հռչակ սփռած »Փակակնինի« կատակերգութիւն-համերգը, որ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէ ներս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելէ ետք, ժամանած է Նոր Աշխարհի նոր մայրաքաղաք՝ Նիւ Եորք:
»Փակակնինի«ն պիտի ներկայացուի »Տը Նիւ Վիքթըրի« (The New 42nd Street
229 West 42nd Street, Fl 10 New York, NY [...]
«ԶԱՆԳԵՐ, ՂՕՂԱՆՋԷՔ, ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻՑ» ԶՈՅԳ ԽՏԱՍԱԼԻԿՆԵՐԸ
Երաժշտագէտ՝ Գրիգոր Փիտէճեան
Անցեալ ամիս մեծ ուրախութեամբ ստացայ Մոնրէալի ծանօթներէս մի ոմն առաքած »Զանգեր, Ղօղանջէք, Սարդարապատից« զոյգ խտասալիկներու ալպոմը:
Հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին յաւերժութեանց խորհրդանիշ եղող ձիւնածածկ զոյգ մասիսներով վեհափառ Արարատին առինքնող լուսանկարովը ծածկուած երկու խտասալիկներ էին անոնք, տեղաւորուած ութը էջանի բացիկ մը բովանդակող տփիկի մը մէջ:
Բացիկին առաջին էջը, որ տփիկին ալ երեսն է՝ անուանաթերթը, Հ.Յ.Դ.Գ.Պ.Մ.ի գունաւոր [...]
«ՄՈՍԿՈՒԱ» ԲԱՑՕԹԵԱՅ ԴԱՀԼԻՃԸ ԿՐՆԱՅ ՔԱՆԴՈՒԻԼ
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
ՀՀ կառավարութիւնը, վերջերս յատուկ որոշում մը առած էր, Աբովեան թաղի մօտ գտնուող, Երեւանի միակ բացօթեայ «Մոսկուա» սրահը քանդել:
Յատկապէս արուեստագէտ անձնաւորութիւններ եւ մշակոյթի սիրահարներ, գործի լծուած են կանխելու համար, նման որոշում:
Քանի մը օր մնացած է պայմանաժամէն եւ արդէն իսկ աւելի քան 13 հազար բողոքի ստորագրութիւններ հաւաքուած են:
Համանուն «Մոսկուա» սրահին քով կառուցուած է [...]
ԷՄԻՐ ՔՈՒՍԹՈՒՐԻՑԱ…ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Աշխարհի ամէնէն աւելի տարօրինակ եւ համակրելի արուեստագէտներէն մէկն է սերպ-պոսնիացի բեմադրիչ, դերասան եւ երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցա, որ վերջերս այցելեց Հայաստան եւ Մարտ 5-ին ելոյթ ունեցաւ իր «գեր-առողջապահական» խումբին՝ No Smoking Orchestra-ին հետ, Երեւանի մէջ, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Սարայեւօ ծնած, Քուսթուրիցա, նաեւ կը դասախօսէ Քոլումպիա համալսարանէն ներս:
«Արուեստի կարիքն ունին միայն փոքր ազգերը: Մենք պարտաւոր ենք [...]
ԱՐԱ ԱԶԱՏԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ` ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
“Այս է իմ կեանքս: Այլ ձեւ չեմ գիտեր եւ չեմ ալ կրնար ունենալ ու ըմբռնել…Գրեթէ Քսանըհինգ տարի առաջ, երբ մուտք գործեցի արուեստի աշխարհէն ներս, որոշեցի որ իմ ու արուեստիս յարաբերութիւնը, ընթանայ մշտական տեւողութեամբ”, կը յայտնէ Արա Ազատ, որուն գործերը յառաջիկայ Փետրուար 11-էն սկսեալ, մօտաւորապէս երեք շաբթուայ համար, պիտի ցուցադրուին Նիւ Եորքի “Քլէօ” ցուցասրահէն ներս:
Վերջին տարիներուն, [...]
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ «ԳԱՖԷՍՃԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Լուսանկարներ` Իննա Մխիթարեանի
Ապրիլ 2002-էն ի վեր կը գործէ «Գաֆէսճեան» հիմնադրամի թանգարանը: Բոլորովին վերանորոգուած ու կահաւորուած, այս թանգարանը կը ցուցադրէ արուեստի զանազան բնագաւառներ: Նոյնիսկ տպաւորիչ են, թանգարանի շրջապատը գտնուող պարտէզներն ու յատուկ խնամքի առարկայ դարձած կանաչութիւնները:
Թանգարանէն ներս կը ցուցադրուին Արշիլ Կորքիի գործերը, որոնք կը պատկանին Ճերըրտ Գաֆէսճեանին:
Բազմաթիւ քանդակներ ալ ցուցադրուած են, որոնց կարգին գործեր` Պերի Ֆլանականէն, [...]
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏ ՄԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ` ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
Նոյեմբեր 22-ին, Քէօլնի երաժշտական բարձրագոյն դպրոցի ուսանող, փողահար (սաքսոֆոն) Հայրապետ Առաքելեան Տիւսելտորֆի պալատին մէջ, պետական նախարար Պեռնտ Նոյմանէն ստացաւ հինգ հազար եուրոյի խրախուսական կրթաթոշակ մը, որ սահմանուած է Հիւսիսային Ռայն- Վեսթֆալեան երկրամասի քրիստոնեայ ժողովրդավարներու աւագներու միութեան կողմէ: Տարեկան այս պարգեւը կը տրուի “Պատանի երաժիշտ” մրցումի այն մասնակիցին, որ պիտի շարունակէ երաժշտական խորացեալ ուսուցումը: Հայրապետ Առաքելեան [...]

