1938-Ի ՏԵՐՍԻՄԻ ՔԻԶԻԼՊԱՇՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 53 Second

ՎԱ­ՀԱԳՆ ԳԱ­ՐԱ­ԳԱՇ­ԵԱՆ

Օս­ման­եան Թուրք­իոյ իրա­ւա­յա­ջորդ հան­րա­պե­տա­կան կամ քե­մա­լա­կան Թուրք­իոյ կող­մէ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ իրա­գործ­ուած հա­ւա­քա­կան կո­տո­րած­նե­րուն, ջար­դե­րուն եւ ցե­ղա­յին սպանդ­նե­րուն մա­սին այ­սօր­ուան քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը սա­կա­ւա­թիւ աղ­բիւր­նե­րէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նի միայն:

Փոքր Աս­իոյ դա­րա­ւոր բնիկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դէմ հան­րա­պե­տա­կան Թուրք­իոյ գոր­ծադ­րած բռնա­րարք­նե­րը առ այ­սօր կը մնան լռու­թեան ծած­կոյ­թին տակ:

Տերսիմի շրջանի համայնապատկեր

1920-ական­նե­րու հայ­կա­կան Կի­լիկ­իոյ բռնի հա­յա­թափ­ման, ասո­րի­նե­րու եւ պոն­տա­ցի յոյ­նե­րու ջար­դե­րուն, 1925-ի եւ 1926-1930 քրտա­կան ըմ­բոս­տու­թեանց յա­ջոր­դող կո­տո­րած­նե­րուն, եւ վեր­ջա­պէս 1938-ի Տեր­սի­մի ալե­ւի-քի­զիլ­պաշ եւ հայ բնիկ­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց մա­սին թրքա­կան պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը կը մնան լուռ:

2009-ի Նո­յեմ­բե­րին, Փոքր Աս­իոյ բնիկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու երաժշ­տու­թեանց բա­նա­հա­ւաք Հա­սան Սալ­թիք յայ­տա­րա­րեց, թէ 2010-ին պի­տի հրա­պա­րա­կէ աւե­լի քան տաս­նամ­եա­կի մը վրայ եր­կա­րող պատ­մա­կան իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ար­գա­սի­քը հան­դի­սա­ցող 1938-ի Տեր­սի­մի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին գիր­քը:

Տեր­սի­մաբ­նակ թուրք­մէն հօր եւ քի­զիլ­պաշ ալե­ւի մօր զա­ւակ Սալ­թիք արխիւագ­րած է ցարդ չբա­ցա­յայտ­ուած տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ վա­ւե­րա­թուղ­թեր: Հար­ցազ­րոյց­ներ կա­տա­րած է 38-ի ջար­դե­րուն մաս­նակ­ցած թրքա­կան բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րուն եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած տեր­սիմ­ցի­նե­րու հետ: Տեր­սիմ­ցի իր ցե­ղա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն շա­տեր զոհ գա­ցած են 38-ի ջար­դե­րուն:

Տեղահանութեան ընթացքին

Սա­կայն Սալ­թի­քի աշ­խա­տու­թեան մէջ ամէնէն ու­շագ­րաւ եւ զգա­յա­ցունց հաս­տա­տու­մը կը հան­դի­սա­նայ այն, որ 1938-ի Տեր­սի­մի Ցե­ղաս­նած 1915-ի ար­հա­ւիր­քէն փրկուած հա­յե­րու վեր­ջին խլեակ­նե­րու վերջ­նա­կան ոչն­չա­ցու­մը, բնաջն­ջու­մը…

Նման բա­ցա­յայ­տում­նե­րով կրնանք եզ­րա­կաց­նել, որ Մեծ Եղեռ­նին յա­ջոր­դող ան­մի­ջա­կան ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին, Թուրք­իոյ մէջ կա­յա­ցած պե­տա­կան յե­ղաշր­ջու­մէն ետք, քե­մա­լա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կան­խամ­տած­ուած ձե­ւով շա­րու­նա­կած են իրենց նա­խորդ­նե­րու` Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու անա­ւարտ մնա­ցած “առա­քե­լու­թիւնը”` Արե­ւել­եան Փոքր Աս­իոյ բնիկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղա­յին մաք­րա­գոր­ծու­մը, անոնց տե­ղա­հա­նու­թիւնը եւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ոչն­չա­ցու­մը:

Հայ­կա­կան բարձ­րա­ւան­դա­կի սիր­տը հան­դի­սա­ցող Տեր­սի­մը` հայ ժո­ղո­վուր­դի հնա­դար­եան հե­թա­նո­սա­կան կրօն­քի եւ առա­քե­լա­տիպ քրիս­տո­նէ­ու­թեան բնօր­րանն է: Տեր­սիմ այն հազ­ուա­գիւտ եւ կա­րե­լի է ըսել մի­ակ շրջանն է, ուր հայ արե­ւոր­դին, պար­սիկ զրա­դաշ­տա­կա­նը, ալե­ւի քի­զիլ­պա­շը, Պաւ­ղիկ­եան աղան­դա­ւո­րա­կա­նը դա­րե­րու թա­ւա­լու­մին հետ հա­մա­տեղ եւ հա­մե­րաշխ ապ­րած են եւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հա­մա­ձուլ­ուած են: Այս անա­ռիկ լեռ­նաշ­խար­հին մէջ ապ­րե­լով Մա­մի­կոն­եան ազն­ուա­տոհմ նա­խա­րա­րու­թեան վեր­ջին շա­ռա­ւիղ­նե­րը` մի­ա­ձուլ­ուած են քի­զիլ­պա­շին հետ եւ վե­րըն­ձիւղ­ուած են որ­պէս Մա­մի­քա ցե­ղա­խումբ: Տեր­սի­մի ահագ­նա­գոռ լեռ­նե­րուն վրայ ծուա­րած մար­տու­նակ հայն է, որ մին­չեւ 20-րդ դար յի­շած ու հա­ւա­տա­ցած է Անա­հի­տին, Աստ­ղի­կին, Վա­հագ­նին եւ Արա­մազ­դին:

Տերսիմի շրջանէն տիպարներ,
իրենց իւրայատուկ տարազով

Լեռ­նա­ծեր­պե­րու արծ­ուա­բոյն­ներ հան­դի­սա­ցող եւ շատ յա­ճախ հայ-քի­զիլ­պաշ խառն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Տեր­սի­մի ըմ­բոստ գիւ­ղերն ու աւան­նե­րը եր­բեք չեն խո­նար­հած թրքա­կան բռնա­կալ բա­նակ­նե­րուն առ­ջեւ, այլ միշտ ծա­ռա­ցած եւ ընկր­կու­մի մատ­նած են թուր­քե­րը:

Կաս­կա­ծէ դուրս է, որ Մեծ Եղեռ­նի օրե­րուն, Տեր­սի­մի ժո­ղո­վուր­դը ապաս­տան տա­լու զլա­ցած ըլ­լար իր տա­րա­բախտ ու հա­լած­եալ եղ­բայր­նե­րուն: Խար­բեր­դի, Արաբ­կի­րի, Դաշ­տա­յին Տեր­սի­մի, Դեր­ջա­նի, Երզն­կա­յի եւ Սե­բաստ­իոյ ջար­դե­րէն փրկուած հա­յոր­դի­ներ ապաս­տան գտան լեռ­նա­յին Տեր­սիմ: Հայ եւ օտար աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն, Տեր­սիմ հանգր­ուա­նած հայ վե­րապ­րող­նե­րու թիւը 30-40 հա­զա­րի շուրջ եղած է, որուն որոշ մէկ հատ­ուա­ծը ան­ցած է ռու­սա­կան սահ­մա­նը, իսկ Տեր­սիմ մնա­ցած եւ հաս­տատ­ուած է ստուար հատ­ուած մը:

Սալ­թի­քի յայտ­նա­բե­րած փաս­տե­րով, Տեր­սի­մը ծուն­կի բե­րե­լու եւ անոր բնիկ ժո­ղո­վուր­դը ֆի­զի­քա­պէս չէ­զո­քաց­նե­լու ծրա­գի­րը Քե­մա­լի եւ իր զօ­րա­կան­նե­րուն կող­մէ յղաց­ուած է 1920-ին եւ գոր­ծադ­րու­թեան դրուած է 17 տա­րի ետք:

1990-ական թուա­կան­նե­րէն ետք, ի տես եւ­րո­պա­կան կարգ մը քա­ղաք­նե­րու մէջ աճող տեր­սիմ­ցի գա­ղութ­նե­րու, եւ­րո­պա­ցի շարք մը պատ­

Հայ եւ քիզիլպաշ խառն բնակչութիւն ունեցող Տերսիմի Հալվորի գիւղի տեղահանութիւնը 1938-ին

մա­բան­նե­րու մօտ խոր հե­տաքրք­րու­թիւն ծա­գե­ցաւ Տեր­սի­մի ցե­ղա­յին իւ­րա­յա­տուկ հա­ւա­քա­կա­նու­թեանց հան­դէպ: Յետ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու, վե­րո­յիշ­եալ պատ­մա­բան­նե­րէն շա­տեր հաս­տա­տե­ցին 1938-ի Տեր­սի­մի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը:

Հո­լան­տա­ցի պատ­մա­բան Մար­թին Վան Պրուն­սը­նի տու­եալ­նե­րով 1937-1938, մին­չեւ Տեր­սի­մի ապս­տամ­բու­թեան ղե­կա­վար Սէ­յիտ Ռի­զա­յի գե­րե­վա­րումն ու կա­խա­ղան բարձ­րա­ցու­մը (Նո­յեմ­բեր 18, 1938) թրքա­կան բա­նա­կը սպան­դի են­թար­կեց 70 հա­զար տեր­սիմ­ցի զին­եալ եւ խա­ղաղ բնա­կիչ, որոնց շար­քին երե­խայ, ծեր եւ կին: Ան­պաշ­տօն հաշ­ուարկ­նե­րով տե­ղա­հան եղան կամ փախս­տա­կան դար­ձան 150 հա­զար տեր­սիմ­ցի­ներ: Ամա­յա­ցան հայ-քի­զիլ­պաշ 200 գիւ­ղեր:

Տերսիմի ապստամբութեան ղեկավար` Սէյիտ Ռիզա

1938-ի Տեր­սի­մի կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին գլխա­ւոր վկա­յա­գի­րը կը հան­դի­սա­նայ տեր­սիմ­ցի մտա­ւո­րա­կան Նու­րի Տեր­սիմիի գրած “Քիւր­տիս­տա­նի պատ­մու­թիւն – Տեր­սիմ” յու­շագ­րու­թիւնը: Հոն յստակ տու­եալ­ներ չկան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օր­հա­սա­կան պա­հե­րը ապ­րած հա­յու­թեան թիւին մա­սին: Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու մի­ակ աղ­բիւ­րը, կը մնան թրքա­կան պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը, որոնք տա­կա­ւին կը մնան ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու եւ պատ­մա­բան­նե­րու հա­սո­ղու­թե­նէն հե­ռու:

Այ­սօր, ժա­մա­նակն է, որ Սալ­թի­քի նման մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կամ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ գոր­ծող տեր­սի­մա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, աշ­խա­տանք ծա­ւա­լել 1938-ի Տեր­սի­մի ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւնը հա­մայն աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու:

Պատմական տեսարան…Սէյիտ Ռիզայի դատավարութեան ընթացքին

Իրո­ղու­թեան մէջ, Հայ Դա­տի մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն գծով, 1938-ի Տեր­սի­մի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը Ան­գա­րա­յի վրայ քա­րոզ­չա­կան նոր ճնշա­մի­ջո­ցի դեր կրնայ ու­նե­նալ:

Հա­սան Սալ­թի­քի վկա­յու­թեամբ` ինք տեր­սիմ­ցի է. մենք կրնանք պահ մը են­թադ­րել ու կռա­հել, որ հա­ւա­նա­բար իր ինք­նու­թիւնը տա­կա­ւին բա­ցա­յայ­տել չկա­մե­ցող տեր­սիմ­ցի հա­յե­րու շա­ռա­ւիղ է… բայց ինչ­պէս ըսինք` այդ մէ­կը պարզ են­թադ­րու­թիւն է…

Մէկ բան յստակ է, որ 1915-ի արիւ­նար­բու Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու սպան­դէն ճո­ղոպ­րած եւ Տեր­սիմ ապաս­տա­նած Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի վեր­ջին մնա­ցոր­դա­ցին հաշ­ուե­յար­դա­րը կա­տա­րե­ցին Քե­մալն ու իր յա­ջորդ­նե­րը:

Վե­րապ­րա­ծը վե­րաս­պան­նե­ցին…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles