Երբ մեր վէրքերը բաց մնացեր են, իրենք անոնց
վրայ աղ կը թափեն:
Երբ մեր իրաւացի դատը լուծուած չէ, անոնք կը ստիպեն
որ մոռնանք եւ յետաձգենք:
Երբ կը փնտռենք ցաւակցութիւն եւ արդարութիւն,
անոնք կը վարուին մեր հետ զզուանքով:
Երբ անոնք նորէն կը ծրագրեն մեր բնաջնջումը, անոնք
(»Արեւմուտքը«) կը պնդեն որ գրկենք զիրար:
Երբ շարունակենք մեր Հայ տոհմիկ սովորութիւնները,
անոնք կը յայտարարեն որ այդ սովորութիւնները
իրենց ազգին կը պատկանին:
Երբ պահանջենք մեր բնիկ հողին վերադարձը, անոնք
կը պահանջեն որ մնացեալն ալ իրենց տանք:
Երբ կը տոկանք տառապանքի, անոնք մեզ կը մեղադրեն
իբրեւ մտաճնշուած ազգ:
Երբ պայքարինք արդարութեան համար, անոնք մեզ
կը կոչեն »ծայրայեղ«:
Երբ պաշտպանենք մեր բնիկ հողը, մեզ
կը կոչեն ահաբեկող:
Երբ կրենք մեր բեռերը զուսպ արժանապատուութեամբ,
մեզ կը կոչեն խաբեբայ:
Երբ մեր տառապանքները մեզ կը լռեցնեն, անոնք կ’ըսեն
որ մեր անձայնութիւնը մեր մեղաւորութիւնը ցոյց
կու տայ:
Երբ մեր բառերը գրաքննիչ կը դառնան, անոնք
կը փոխարինեն սուտերով:
Երբ մտնենք »գլխաւոր հոսանքը«, ճնշուած ենք բացի
եթէ խօսինք մեզ ճնշողին լեզուն:
Երբ մեր հայրենիքը ոտնակոխ է, անոնք կ’ըսեն որ իրենք
են որ զիջում կ’ընեն:
Երբ ճշմարտութիւնը խօսինք, մեզ ատելութեան
խռովարար կը կոչեն:
Մենք ակամայ գերի ենք, բայց մեզ կը ճանչնան
իբրեւ ոչխար եւ խորոված:
Ջնջելու ատենը եկաւ – բայց ոչ մեր ջնջման: Մենք ենք
որ պէտք է ջնջենք դաւաճանութիւնները –
եթէ պիտի փրկենք Հայ ազգը եւ երկիրը:
ԼՈՒՍԻՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Getses tun Lousin Kasbarian…..