Լրահոս

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄՈՒՇԵՂ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ը

Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ թէ՝ »Դրօշակ«ի մատենաշարով, լոյս տեսած է գրող, հրապարակախօս  Մուշեղ Միքայէլեանի »Ազատամարտ« գիրքը:  »Աւանկարտ« թերթի աշխատակիցը, որ նաեւ  Հայաստանի Հանրապետութիւն օրաթերթի հիմնադիրներէն մէկն է, Մարտ 1991էն մինչեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան կասեցումը, Հ.Յ.Դ.պաշտօնաթերթ՝ »Ազատամարտի«  խմբագրապետն էր: Գիրքին մէջ, Մուշեղի խմբագրականները լոյս տեսած են: Գեղարուեստական շնչով քաղաքական վերլուծումներով այդ գործերը կը ներկայացնեն այդ [...]

«ՄԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ՆԵՐՈՒԺԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂՂԵՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ» ԸՍԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն մասնակցած, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան »Կիւլպէնկեան« սրահին մէջ մամլոյ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պատասխանելով հարցումներուն անդրադարձաւ Արցախի տագնապի լուծման, Ատրպէյճանի կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, զինադադարի դրութեան խախտումներուն, բանակի մարտունակութեան, ժողովրդավարական հոլովոյթին, վերաբնակեցման եւ այլազան հարցերուն:
Ան [...]

Ա.Մ.Ն. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱԿՍԵՑՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Արցախի տրամադրուած օժանդակութիւնները, նախատեսուածէն պակաս են: Արդարեւ, 1988էն ի վեր Միացեալ Նահանգներ Արցախին տրամադրած են 36 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւն, որ նախատեսուած 61էն  25 միլիոն տոլար պակաս է:
Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ տակաւին 1990ականներու աւարտին անյաջող [...]

ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՄԱՐԹԻՆ ԷՍԱՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Յ.Դ. ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿ

Մարթին Էսայեան (կեդրոն), իր կողքին ունենալով ձախէն աջ՝ Ժան Աւետիսեան, Վաչէ Բրուտեան, Թաթուլ Սոնենց Փափազեան եւ Ժիրայր Պէօճէքեան
Երեք­շաբ­թի, Օգոս­տոս 10ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-ին, նա­խա­պէս առն­ուած ժա­մադ­րու­թեամբ, Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան Հիմ­նար­կու­թեան Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ Մար­թին Էսայ­եան այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Ար­խիւ­նե­րու Հիմ­նար­կի գրա­սեն­եա­կը, Ուաթըր­թաուն (Մէ­սէ­չու­սէց նա­հանգ, Մ. Նա­հանգ­ներ), »Հայ­րե­նիք« հաս­տա­տու­թեան շէն­քէն ներս, ուր ծա­նօ­թա­ցաւ անձ­նա­կազ­մին եւ կա­տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Մար­թին Էսայ­եան [...]

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀՐԷԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՓԵՏՐՕ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԸ

Ձախէն աջ՝ Գլաուտիօ Մորկատօ, Արժանթինի Արդարութեան, Ապահովութեան եւ Մարդկային Իրաւանց նախարար՝ Խուլիօ Ալաք, Ալտօ Տոնզիս եւ Փետրօ Մուրատեան
Արժանթինի Արդարութեան եւ Ապահովութեան նախարար՝ Խուլիօ Ալաքի, Խտրականութեան, Օտա­րատեցութեան եւ Ցե­ղապաշ­տու­թեան դէմ Ազգային Հիմնարկի (INADI) նախագահ՝ Գլաուտիօ Մորկատոյի, հրէական կազմակերպութեանց համախմբումի ղեկավարութեան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վլատիմիր Կարմիրշալեանի, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական, մշակութային, կղերական, դիւանագիտական, համայնքային, Մարդկային Իրաւանց [...]

ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԸ ՇԱՀԵԿԱՆ Է ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

Լա Հէյի Միջազգային Դատարանը յայտարարեց, որ Քոսովոն Սերպիայէն անջատուելով եւ անկախութիւն հռչակելով միջազգային որեւէ օրէնք չէ խախտած: Դատարանի եզրակացութիւնը կարդաց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային Դատարանի նախագահ Հիսասի Օվատան: Ան նախապէս ըսած էր, որ Քոսովոյի անկախութեան հռչակումը չի հակասեր միջազգային օրէնքի արժեչափերուն: Թէեւ դատարանին որոշումը օրէնքի ուժ պիտի չունենայ, սակայն լուրջ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նոյնինքն Քոսովոյի, [...]

ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԵՕԹԵՐՈՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի մէջ, Յուլիս 11ին սկսաւ «Ոսկէ Ծիրան» 7րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը« որ ունեցաւ մէկ շաբթուայ տեւողութիւն: Այս առթիւ, աւելի քան հարիւր ժապաւէններ ցուցադրուեցան: Փառատօնը այս տարի հարուստ էր յոբելեաններով: Այսպէս, նշուեցաւ հայրենի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի 85« դերասաններ Մհեր Մկրտչեանի եւ Խորէն Աբրահամեանի 80« նկարահանող Ալպերթ Եաւուրեանի եւ դերասան Արմէն Ջիգարխանեանի 75ամեայ յոբելեանները: Վերջապէս, նշուեցաւ նաեւ փառատօնի պատուոյ նախագահ Աթոմ [...]

«ԱՐԵՒ»Ի ՆՈՐ ՁԱՅՆԱՊՆԱԿԸ՝ «ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ»

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, »Արեւ« Հայկական Ժողովրդական Երաժշտախումբը, լոյս ընծայած է իր նոր ձայնապնակը՝ »Վերադարձը«, որ կը պարունակէ դէպի հին ակունքներ երաժշտութիւն:…Վերադարձ դէպի հին ակունքներ:
»Արեւ« Հայկական Ժողովրդական Երաժշտախումբը հիմնուած է Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ 1989ին:  Խումբը կը նուագէ աւանդական Հայկական երաժշտութիւն, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի զուտ հայկական աւանդները, ինչպէս նաեւ աւանդական ժողովրդական երաժշտական գործիքներ:
Երաժշտախումբի [...]

ԴՈԿՏ. ԶԱՐԵՀ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամերիկահայ դոկտ. Զարեհ Սողոմոնեան, մեծ հռչակ կը սփռէ ճարտարագիտութեան եւ մեքենագիտութեան բնագաւառէն ներս: Ան 1996ին ստացած է իր դոկտորական վկայականը Կալէսի Քարտիֆ քաղաքի Համալսարանէն, մասնագիտանալով ելեկտրական, ելեկտրոնիկ եւ համակարգային (Electrical, Electronics & Systems Engineering) ճարտարագիտութեան մէջ:  Միեւնոյն համալսարանէն ներս, ան ձեռք ձգած էր իր ճարտարագիտական վկայականը բարձրագոյն յաջողութեամբ, 1991 թուականին:
Նաեւ, դոկտ. Սողոմոնեան արժանացած է բազմաթիւ [...]

«ՖԼԱՄԵՆԿՈԼ»` ՍՊԱՆԻԱ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ…ՀՈԼԱՆՏԱԿԱՆ ԵԶԱԿԻ ՈՃԸ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Զարմանալի էր պատահածը…Sոն Քիշոթեան խենթութիւ՞ն, թէ Իպերիոյ  հեռաւոր հիւսիս Արեւմտեան շրջանի սուրբ քաղաք Սանթիակօ Տը Քոմփոսթելայէն  կատարուած հրաշագործութիւն:
Արդարեւ, եօթանասունականներուն մեծ հռչակ սփռած մարզիչներ Ռինուս Միքէլսի եւ Էրնսթ Հափըլի (Աւստրիա) մշակած եւ մարզիկներ Քրույֆներու եւ Նիսքընզներու կերտած ամբողջական ոտնագնդակ (Total Football) խաղաձեւին հունտը փոխադրուելով Եւրոպայի պաղ ու միապաղաղ Հիւսիսային Ծովէն եւ »ցած երկրէն« դէպի հարաւ, նոյնքան [...]